Վերջին Լուրեր [ News ]
Վերջին Լուրեր
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 24 -26 Յունիս 2016, Հայաստան այցելութեան յայտագիրը։
Papa Francesco in Armenia
published Tuesday, 21 June 2016 at 14:53 by Tigran Avalyan

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Հայաստանի առաքելական ճամբորդութիւնը կը հանդիսանայ Նորին Սրբութեան միջազգային 14-րդ ճամբորդութիւնը։
Հայաստան կատարուած երեք օր տեւողութեամբ սոյն առաքելութեան ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապը հիւրը պիտի հանդիսանայ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս` Գարեգին Բ Հայրապետին։
Նորին Սրբութեան Հայաստան աշխարհ ճամբորդութեան յայտագիրը սկիզբ կ՛առնէ Յունիս 24-ի առաւօտեան ժամը 9-ին Հռոմի Ֆիումիչինօ օդակայանէն դէպի Երեւանի Զուարթնոց օդակայան առաջնորդող թռիչքով` ուր ժամանումը նախատեսուած է տեղական ժամով 15-ին (Հռոմի ժամով 13-ին)։ 
Երեւանի միջազգային օդակայանին մէջ Սրբազան Քահանայապետը­, օդանաւի սանդուխներու ոտքին, կը դիմաւորուի Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի ու անոր կողակիցի կողմէ,  ի ներկայութեան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ-ի, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Գրիգոր Պետրոսի Ի Կաթողիկոսի Պատրիարքին,  Պետական իշխանութիւններու, Կաթողիկէ եւ Առաքելական եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներու եւ դիւանագիտական մարմնի ներկայացուցիչներու։
Տեղի կ՛ունենայ  պաշտօնական փրոթոքոլային արարողական, քայլերգերու կատարում, զինուորական պատիւ, տեղական պատուիրակութիւններու ներկայացում հուսկ Նախագահն ու կողակիցը Սրբազան Քահանայապետը կ՛առաջնորդեն նախագահական դահլիճ, հակիրճ առանձնական հանդիպումի համար, որմէ ետք Նորին Սրբութիւնը ինքնաշարժով կ՛ուղղուի Էջմիածին  ուր կը դիմաւորուի Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի կողմէ որուն հետ միասին անմիջապէս կ՛ուղղուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մայր տաճար ուր կը կատարուի Հրաշափառի արարողութիւնն ու աղօթք, մասնակցութեամբ Հայ կաթողիկէ եւ առաքելական եպիսկոպոսներու։
Աղօթքի աւարտին, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը բարի գալուստի խօսքը կ՛արտասանէ որմէ ետք Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կ՛արտասանէ ճամբորդութեան առաջին ճառը։ Բարի գալուստի արարողութիւնը վերջ կը գտնէ Հայր մեր աղօթքով եւ Ֆրանչիսկոս Պապին շնորհած օրհնութեամբ, հուսկ Նորին Սրբութիւնը եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը միասին կ՛ուղղուին Կաթողիկոսարան ուր Ֆրանչիսկոս Պապին  վերապահուած է յարկաբաժին մը։
Ժամը 17.30      (Հռոմի ժամով 15.30)Սրբազան Քահանայապետը եւ իրեն ընկերացող շքախումբը կ՛ուղղուին նախագահական Պալատ ` Հանրապետութեան նախագահին քաղաքավարական այցելութիւն տալու համար։
Նախագահական պալատի մուտքին Սրբազան Հայրը կը դիմաւորուի Հանրապետութեան նախագահի կողմէ որ զինք կ՛առաջնորդէ ընդունելութեան դահլիճ ուր տեղի կ՛ունենայ առանձնական հանդիպում, ընտանիքի անդամներու ներկայացում, պատուիրակութիւններու ներկայացում եւ նուէրներու փոխանակում։
Առանձնական հանդիպումէն ետք նախագահական պալատի կեդրոնական դահլիճին մէջ  Սրբազան Քահանայապետը հանդիպում կ՛ունենայ Հայաստանի իշխանութիւններու, քաղաքացիական հասարակութեան  եւ դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ որուն սկիզբը Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը բարի գալուստի խօսքը կ՛ուղղէ Ֆրանչիսկոս Պապին եւ որուն կը յաջորդէ Քահանայապետին ողջոյնի խօսքը։
Հանրապետութեան նախագահին տուած պաշտօնական այցելութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը կը վերադառնայ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին ուր առանձնական հանդիպում կ՛ունենայ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս` Գարեգին Բ-ի հետ որով վերջ կը գտնէ Սրբազան Քահանայապետին Հայաստան այցելութեան առաջին օրուան յայտագիրը։
                               
Բ օր` Ծիծեռնակաբերդ - Գիւմրի եւ Համամիութենական աղօթքի հանդիպում Երեւանի մէջ
Շաբաթ 25 յունիս 2016-ի օրակարգը սկիզբ կ՛առնէ առաւօտեան, տեղական ժամով 8.45-ին, Ծիծեռնակաբերդի այցելութեամբ եւ Հայոց նահատակաց յարգանքի տուրքի մատուցմամբ։
Ծիծեռնակաբերդի Համալիրի մուտքին Սրբազան Հայրը եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը կը դիմաւորուին Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահին կողմէ  եւ միասին, հետիոտն կ՛ընթանան դէպի յուշահամալիր որուն մուտքին Քահանայապետը  կը զետեղէ ծաղկեփունջ մը, 1915-ի նահատակաց պաստառները բռնած մանուկներու ներկայութեամբ։
Քահանայապետը ապա կը մտնէ յաւերժական կրակի յիշատակի դահլիճ ուր նախատեսուած է  հոգեհանգստեան արարողութիւն որուն ընթացքին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը բարեխօսական աղօթք կ՛արտասանէ Հայերէնով եւ Ֆրանչիսկոս Պապ` Իտալերէնով։
Աղօթքի աւարտին երկու հայրապետները իրենց օրհնութիւնը կը շնորհեն ապա ` Հանրապետութեան Նախագահին հետ միասին կ՛ուղղուին թանգարան ու Ճանապարհի վրայ  Քահանայապետը կ՛օրհնէ այգիին ծառ մը։ Յայտնենք թէ ծիծեռնակաբերդի այցելութեան կը մասնակցին նաեւ   Պենետիկտոս ԺԵ Պապէն 1915-ի աղէտէն փրկուած հայորդիներու խումբ մը ժառանգորդներ։ 
Ծիծեռնակաբերդի Թանգարանը այցելելէ ետք Սրբազան Հայրը կը ստորագրէ ոսկեմատեանը ու հրաժեշտ առնելով կ՛ուղղուի Երեւանի օդակայան որտեղէն կը մեկնի դէպի  Գիւմրիի օդակայան ուր կը ժամանէ 10.35-ին եւ անմիջապէս կը փոխադրուի Վարդանանց հրապարակ ուր կը դիմաւորուի քաղաքապետի, Կաթողիկէ Արքեպիսկոպոսին ու Առաքելական Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսին կողմէ։
Սրբազան Քահանայապետը ողջունելէ ետք այնտեղ համախմբուած մանուկներն ու երիտասարդները կ՛ուղղուի աւանդատուն ու ժամը 11-ին Վարդանանց հրապարակին վրայ կը մատուցէ Սուրբ եւ Անմահ պատարագը, մասնակցութեամբ աւելի քան 15 հազար հաւատացեալներու։ Արարողութեան սկիզբը Հայաստանի Հայ Կաթողիկէներու առաջնորդ`  Արհ Ռաֆայէլ Արքեպիսկոպոս Մինասեանը` բարի գալուստի խօսք կ՛ուղղէ Ֆրանչիսկոս Պապին։
Սուրբ Պատարագի զոհին աւարտին, Սրբազան Քահանայապետը կ՛ուղղուի Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու միաբանութեան` Տիրամայր Հայաստանի կեդրոն, ուր նախատեսուած է առանձնական ճաշ, հանգիստ ապա Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հանդիպումը այնտեղ բնակութիւն հաստատած որբերուն հետ։
25 Յունիսի յետմիջօրէին Սրբազան Հայրը հրաժեշտ կ՛առնէ Հայ Քոյրերէն եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի հետ միասին ինքնաշարժով կ՛ուղղուին Գիւմրիի` վարդանանց հրապարակի մօտ գտնուող  Առաքելական Աթոռանիստ`  Եօթը վէրքերու անուամբ Եկեղեցի­,  ուր պաշտօնական այցելութիւն մը կատարելէ ետք  եւ այնտեղ պահ մը աղօթքի մէջ ամփոփուելէ ետք կ՛ուղղուի                  Գիւմրիի Կաթողիկէ հայոց Աթոռանիստ Եկեղեցի  որուն մուտքին Սրբազան Հայրը կը դիմաւորուի  Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ առաջնորդ Արհիապատիւ Ռաֆայէլ Արքեպիսկոպոս Մինասեանի կողմէ։
Այցելութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը հրաժեշտ կ՛առնէ ներկաներէն եւ կ՛ուղղուի Գիւմրիի օդակայան ուրտեղէն կը մեկնի Երեւան ուր կը ժամանէ 17.50-ին եւ անմիջապէս կ՛ուղղուի Հանրապետութեան հրապարակ ուր Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին հետ միասին կը գլխաւորէ Խաղաղութեան համար համամիութենական աղօթքի հանդիպումը որուն ընթացքին պատգամ մը կը փոխանցէ այնտեղ համախմբուած 50 հազարէ աւելի ներկաներուն։
Արարողութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ կը  տեղափոխուի Էջմիածին  վերջ տալով Հայաստան այցելութեան երկրորդ օրուան ճամբորդութեան յայտագիրին։     
               
Գ օր` Էջմիածնի մէջ Սուրբ Պատարագ - Համամիութենական ճաշ - Խոր Վիրապի այց - հրաժեշտի արարողութիւն։  
Կիրակի 26 յունիս 2016-ին Ֆրանչիսկոս Պապը հայաստանի ճամբորդութեան երրորդ ու վերջին օրուայ յայտագիրը կը սկսի առաւօտեան կանուխ` առանձնական պատարագով որմէ ետք, Էջմիածնի մէջ հանդիպում կ՛ունենայ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքին ու անոր ընկերացող եպիսկոպոսներուն հետ։  Հանդիպումէն ետք Սրբազան Քահանայապետը Էջմիածնի Մայր տաճարին մէջ կը մասնակցի Գարեգին Բ կաթողիկոսին  մատուցած հայրապետական սուրբ զոհին որուն ընթացքին ողջոյնի ուղերձ մը կ՛ուղղէ ներկաներուն։
Պատարագի աւարտին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Մայրավանքին մէջ տեղի կ՛ունենայ Համամիութենական ճաշ մասնակցութեամբ Քահանայապետին, Կաթողիկոսին, Հայ առաքելական եւ հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսներուն ու Քահանայապետին ընկերացող պատուիրակութեան։
Համամիութենական ագապի աւարտին եւ նախ քան Էջմիածինէն հրաժեշտ առնելը Սրբազան Քահանայապետը կը հանդիպի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ բարերարներուն եւ պատուիրակներուն հետ որմէ ետք Սրբազան Քահանայապետը ընկերակցութեամբ  Գարեգին Բ-ի կը մեկնի դէպի Խոր Վիրապ, ուր կը դիմաւորուի Վանքի մեծաւորէն ապա կ՛այցելէ ''Սուրբ Գրիգորի Վիրապի'' դահլիճն ու  քովնտի մատուրը,  ուր  հայերէնով եւ իտալերէնով խաղաղութեան աղօթքներ կ՛արտասանուին ւ որնց աւարտին Կաթողիկոսն ու Քահանայապետը` Արարատ լեռան սեմին ազատ կ՛արձակեն` խաղաղութիւնը խորհրդանշող  երկու աղաւնիներ։
Խոր Վիրապի այցելութիւնը կը հանդիսանայ Ֆրանչիսկոս Պապին Հայաստանի ճամբորդութեան վերջին հանգրուանը որմէ ետք Նորին Սրբութիւնը ինքնաշարժով կը տեղափոխուի  Երեւանի Զուարթնոց օդակայան եւ այնտեղ կայացած հրաժեշտի արարողութենէն ետք, Հանրապետութեան նախագահի ներկայութեամբ, կը բարձրանայ օդանաւ վերադարձ կատարելու համար Հռոմ` Չամփինօ օդակայան, ապա Վատիկան։
© Copyright 2008-2024 TelepaceArmenia.it. All rights reserved.
Webdesign by Fabio Celidonio.

Facebook Одноклассники Youtube
Նուիրատուութիւն
PROCURA DEL PATRIARCATO ARMENO CATTOLICO
Banca UNICREDIT Spa
IBAN: IT 80 D 02008 05075 000401457699
BIC SWIFT: UNCRITMM
Donate to
Telepace Armenia
with PayPal.