|
1-ին Եթեր - ուրբաթ, 30 մարտ 2012 | ֆորմատ 16:9 | 1. Վերջ գտաւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին 23 էն-29 Մարտ Մեսսիքօ եւ Գուպա կատարած Առաքելական Այցելութիւնը ։ 2. Հարաւային Կովկասի Սուրբ Աթոռի Առաքելական Նուիրակ Արքեպիսկոպոս Սոլչինսկի Նախագահ Սարգսեանին յանձնեց իր Հաւատարմագրերը։ Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը,Նոյնպէս 21 Մարտին ընդունեց Հայաստանի եւ Վրաստանի մէջ նորանշանակ Պապական Նուիրակը՝ Մարեկ Սոլչինսկի Արքեսպիսկոպոսը ։ 3.Արեւմտեան Հայաստանի Եւ Կիլիկիոյ նուիրուած Յուշամատեաններու Հրատարակութիւնը,Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ։ 4. Հայերու «ԼՔԵԱԼ» Կալուածներու նուիրուած Դասախօսութիւն Ամերիկայի Մէջ։ 5.Իտալիոյ Ռիէթի քաղաքը կը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։
Ծիսական Օրացոյց
Կը գտնուինք Քառասնորդաց վեցերորդ շաբաթուան մէջ որ կը կոչուի Գալստեան շաբաթ եւ նուիրուած է Յիսուսի-Քրիստոսի երկրորդ գալստեան, երբ աշխարհի վերջը պիտի գայ, դատելու համար բոլոր մարդկութիւնը։ Շաբաթ օրը` 31 մարտին , Հայ Եկեղեցին կը կատարէ յիշատակը Ղազարոսի յարութեան։ Կիրակի օրը՝ 1 Ապրիլ Ծաղկազարդ է՝ Յիսուսի Փառաւոր Մուտքը Երուսաղէմ։ Ծաղկազարդէն ետք կը սկսի աւագ Ս Շաբաթը Կիրակի Զատիկ՝ Սուրբ Յարութեան Տօն
Լուրեր Հայ Կաթողիկէ Նուիրապետութենէն։
6.Աստուածամօր Աւետման Տօնին Առթիւ Ս Պատարագի Ընթացքին Ամենապատիւ Եւ Գերերջանիկ Տ Տ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Պատրիարքին քարոզը։ 7.Ամենապատիւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պարիարքին Խօսքը Երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Գասպարեան Կաթողիկոսի Մահուան Ա. Տարելիցին Առիթով Ակադեմական Յուշահանդէսի Ընթացքին Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ Խօսքը։ 8.Հայագիտական դասանիւթերու արհեստագիտական արդի միջոցներով մատուցման թափ տալու առաջադրանքով, Պէյրութի Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանի մէջ տեղի ունեցաւ հայերէնի եւ հայոց պատմութեան ուսուցիչներու միօրեայ սեմինարը, «Հայագիտական նիւթերու դասաւանդումը եւ արհեստագիտական միջոցները» նիւթին մասին:
|
|
|